2017-09-04 19:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Քոլոմպիացի ժողովուրդին` 6-11 սեպտեմբեր առաքելական ճամբորդութեան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 6 սեպտեմբեր 2017-ին դէպի Քոլոմպիա սկիզբ առնող Քահանայապետութեան 20-րդ առաքելական ճամբորդութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց Քոլոմպիացի ժողովուրդին  որուն մէջ ըսաւ..

Սիրելի Քոլոմպիայի ժողովուրդ, մի քանի օրէն պիտի այցելեմ ձեր երկիրը։ Կու գամ որպէս յոյսի ու խաղաղութեան պատգամաւոր, ձեր հետ միասին տօնախմբելու Տիրոջ մէջ  մեր հաւատքը  ու նաեւ սորվելու եղբայր օգնութիւն ու խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան փնտռտուքի մէջ յարատեւութի

Սրտանց կ՛ողջունեմ Տիար Նախագահը ու Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի անդամները Քոլոմպիա այցելելու ինծի ուղղած հրաւէրին համար։ Շնորհակալ եմ ձեզմէ իւրաքանչիւրիդ որ զիս կ՛ընկալէ ձեր հողին ու սրտին մէջ։ Գիտեմ թէ շատ աշխատեցաք այս հանդիպումը պատրաստելու համար։ Իմ շնորհակալութիւններս կ՛երթան նաեւ բոլոր անոնց որոնք համագործակցեցան ու կը շարունակեն համագործակցիլ որպէսի այդ մէկը դառնայ իրականութիւն։

''Առաջին քայլը կատարենք'' այս ճամբորդութեան կարգախօսն է։ Ան մեզ կը յիշեցնէ թէ պէտք է միտ առաջին քայլը կատարել որեւէ ծրագրի կամ գործունէութեան համար։ Ան մեզ կը մղէ ըլլալու առաջինները որ կը սիրեն, կառուցելու կամուրջներ, ստեղծելու եղբայրութիւն։

Կատարել առաջին քայլը մեզ կը քաջալերէ դուրս գալու եւ հանդիպելու ուրիշներուն, ձեռք երկարելու ու փոխանակելու խաղաղութեան նշանը։  Խաղաղութիւնը որ Քոլոմպիան կը փնտռէ ու զայն իրականացնելու համար անոր ի սպաս կը գործէ շատ ժամանակէ ի վեր. Կայուն խաղաղութիւն մը, մնայուն, որպէսզի կարենանք իրար նայիլ եւ իրարու հետ վարուիլ որպէս եղբայրներ, ոչ որպէս թշնամիներ։

Խաղաղութիւնը մեզի կը յիշեցնէ թէ բոլորս զաւակներն են միեւնոյն Հօր` որ մեզ կը սիրէ ու մեզ կը մխիթարէ։

Պատիւը ունիմ այցելելու այս երկիրը, լի հարուստ պատմութեամբ, մշակոյթով, հաւատքով, մարդոցմով եւ կիներով որոնք վճռակամութեամբ ու յարատեւութեամբ աշխատեցան զայն դարձնելու վայր մը` ուր կը գերիշխէ ներդաշնակութիւնն ու եղբայրութիւնը, ուր Աւետարանը ճանչցուած ու սիրուած է, ուր մէկը միւսին եղբայր ու քոյր կոչելը այդքան ալ տարօրինակ չէ, այլ իսկական գանձ մըն է, որ պէտք պահպանել ու պաշտպանել։ 

Այսօրուայ աշխարհը պէտք ունի խաղաղութեան եւ երկխօսութեան խորհրդատուներու։ Եկեղեցին եւս կանչուած է այս պարտականութեան, զարգացնելու համար հաշտութիւնը Տիրոջ ու եղբայրներուն հետ ու նաեւ հաշտութիւն միջավայրին հետ որ է Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը որ մենք կը շահագործենք  վայրենի կերպով։ Թող որ այս այցելութիւնը ըլլայ որպէս եղբայրական համբոյր մը ձեզմէ իւրաքանչիւրիդ եւ զգացուի Տիրոջ քնքշութիւնն ու մխիթարութիւնը։

Սիրելի Քոլոմպիացի եղբայրներ ու քոյրեր, կը փափաքիմ աս օրերը ապրիլ ձեր հետ ուրախ հոգիով եւ Տիրոջ նկատմամբ երախտագիտութեամբ։ Ձեզ կ՛ողջագուրեմ ու կը խնդրեմ Տիրոջմէ որ ձեզ օրհնէ­ ու պաշտպանէ ձեր երկիրը ու անոր պարգեւէ խաղաղութիւն։ Ապա մեր Մօրմէ` Սուրբ Կոյսէն կը խնդրեմ որ հոգ տանի ձեզի։ Մի մոռնաք աղօթել ինծի համար։ Շնորհակալութիւն եւ ցտեսութիւն

 








All the contents on this site are copyrighted ©.